2015-02-10 10:31:45

Երկու տարիներ առաջ` 11 փետրուար 2013-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը անսպասելիօրէն կը ներկայացնէր իր հրաժարականը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկու տարիներ անցան այն օրէն երբ ` երկուշաբթի 11 փետրուար 2013-ին գումարուած կարդինալական խորհրդաժողովին ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, ժողովականներուն կը յայտարարէր թէ, ''յառաջացած տարիքի բերումով ու եկեղեցւոյ բարիքին համար'', փետրուար 28ին ինք կը հրաժարի Սուրբ Պետրոսի գահէն։
Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի այս որոշումը աննախադէպ նկատուած դէպք մը հանդիսացաւ, տրուած ըլլալով որ քահանայապետի մը հրաժարականի վերջին դէպքը տեղի ունեցած էր` 1415-ին, Կրէկուար ԺԲ քահանայապետի հրաժարականով։

Պենետիկտոս ԺԶրդ յաջորդած էր երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին եւ Սուրբ Պետրոսի գահը բարձրացած էր կարդինալներու դասի կամքով` 19 ապրիլ 2005-ին եւ 8 տարիներ ամբողջ քաջութեամբ ու նուիրումով կառավարած էր տիեզերական եկեղեցին` դիմագրաւելով եկեղեցւոյ կեանքին հայող ծանր հարցերը, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններն ու մարտահրաւէրները։

11 փետրուար 2013-ին կարդինալներուն լատիներէն լեզուով ուղղած իր անսպասելի հրաժարականի խօսքին մէջ ըսած էր.
''Սիրեցեալ եղբայրներ....Զանազան անգամներ Աստուծոյ առջեւ քննելէ ետք խիղճս, հասայ այն համոզումին որ` ուժերս, յառաջացած տարիքի բերումով, այլեւս ատակ չեն պատշաճ կերպով կատարելու ինծի յանձնուած պաշտօնը։
Գիտակից եմ, որ այս պաշտօնը իր հոգեւոր բնութեամբ, պէտք է կատարուի ոչ միայն գործերով եւ խօսքերով, այլ ոչ նուազ նաեւ` չարչարուելով եւ աղօթելով: Յաճախակի փոփոխումներու ենթարկուած, եւ հաւատքի կեանքի մեծ նշանակութիւն ունեցող հարցերով վրդոված ներկայ աշխարհին մէջ, Սուրբ Պետրոսի նաւը կառավարելու համար եւ Աւետարանը հռչակելու համար անհրաժեշտ է նաեւ կենսունակութիւնը, ըլլա՛յ մարմնի ըլլա՛յ հոգիի, կենսունակութիւն մը, որ վերջին ամիսներուն մէջս նուազեցաւ այնպէս որ ընդունեցայ, իմ անկարողութիւնս, լաւ մատակարարելու համար ինծի վստահուած պաշտօնը''։
''Գիտակից այս որոշումի կշիռքին, ազատ կամքով, կը յայտարարեմ հրաժարիլ Հռոմի եպիսկոպոսի` Սուրբ Պետրոսի յաջորդի պաշտօնէն` որ ինծի վստահուեցաւ 19 ապրիլ 2005-ին կարդինալներու կողմէն''։
''Այժմ Եկեղեցին վստահինք անոր Գերագոյն Հովիւին` Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, ու հայցենք Անոր Մօր Մարիամէն` որ իր մայրական բարութեամբ ընկերանայ Կարդինալ Հայրերուն, ընտրելու` նոր Սրբազան Քահանայապետը։ Գալով ինծի, ապագային նաեւ, կ՛ուզենամ ամբողջ սրտով ծառայել Աստուծոյ Սուրբ Եկեղեցիին` աղօթքի նուիրուած կեանքով'' եզրափակած էր Պենետիկտոս ժԶ իր խօսքը։
11 Փետրուար 2013-ը` Տիեզերական Եկեղեցւոյ համար ու նաեւ համայն աշխարհին հանդիսացաւ շրջադարձային մէկ թուական։








All the contents on this site are copyrighted ©.